Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

Կիրակի, 6 նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի: Հանդիպումը առիթ եղաւ արծարծելու Հայաստանի ներքին կացութեան, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան եւ Հայ դատի աշխատանքներուն առնչուած հարցեր ու ծրագիրներ: aztagdaily.com